Աղոթքներ
Առավոտյան աղոթք
Երեկոյան աղոթք
Վարդարան
Երանելի Իգնատիոս Մալոյան
Ո՜վ Տէր, օր մը եւս անցաւ ահա։ Շնորհակալ եմ որ դուն ընծայեցիր զայն ինծի. սակայն այսօր՝ քեզ բաւական չսիրեցի.եղայ գործի՛ս սոսկ հետամուտ եւ այլեւայլ զբաղումներու, մտածում մը իսկ առանց քեզի ուղղելու։ Իրա՛ւ է որ այս գործս ալ նուիրած էի քեզի այս առաւօտէն սկսեալ, սակայն օրուան ընթացքին՝ ես պարտաւոր էի, Տէր, երբեմն քե՛զ յիշելու, գոնէ միա՛յն աղերսելու համար քեզմէ քիչ մը աւելի համբերութիւն։ Ես ունեցայ նաեւ վհատութեան, տարակոյսի պահեր։ Ներէ՛ ինծի, Տէր։ Չկրցայ միշտ հակակրանքներս զսպել եւ կարծրասիրտ եղայ յաճախ, այն անձերուն հետ՝ որոնք կողքիս կաշխատին։ Ներէ՛ ինծի, Տէր։ Եւ տակաւին՝ տրտնջացի ամուլ կերպով մեզ ղեկավարող մարդերու դէմ, եւ նոյնիսկ մեզի համար աղօթող անձերու դէմ, սիրտս փակեցի տանջուողի դէմ եւ աղքատին քովէն անցայ՝ առանց գութի։ Նէրէ՛ ինծի, Տէր, որ այսօրն ալ ընծայեցիր ինծի. ինչպէս նաեւ արեւի լոյս, բնակարան, սնունդ ու բարեկամ։ Տէր, քնանամ քու սիրոյդ մէջ, չմեղանչեմ, եւ վաղն ըլլամ լաւագոյն քան այսօր։